09 Kasım 2015
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Օսմանեան կայսրութեան ամենաարիւնայեղ սուլթանը համարուող Ապտուլ Համիդ 2-ի սուլթանական պալատը` Եըլտըզը, պիտի դարձնէ իր աշխատանքային գրասենեակը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրրիէթ» պարբերականը:
Եըլտըզ պալատը նախագահական խնամակալութեան շնորհուելէ ետք վերանորոգուած է, եւ կ՛ակնկալուի, որ արդէն 2016 թուականէն Էրտողան զայն պիտի օգտագործէ ինչպէս արտերկրէն եկած, այնպէս ալ ներսի պատուաւոր հիւրերու ընդունելութեան համար: Նոյն այս պալատին մէջ կայացած էր Էրտողանի հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետկ Անկելա Մերքելի հետ, որուն ժամանակ սրահի բազկաթոռները, որոնք չափէն աւելի ոսկեզօծ, ճոխ ու անճաշակ էին, ընկերային ցանցերու եւ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ լայն քննարկման եւ զաւեշտի առիթ դարձած էին:
Եըլտըզ պալատը կառուցուած է Սէլիմ 3-րդ սուլթանի օրօք անոր մօր` Միհրիշանի համար, սակայն Ապտուլ Համիդ 2-րդի ժամանակ անիկա սկսածե է օգտագործուիլ որպէս սուլթանական գլխաւոր պալատ: