06 Kasım 2015
Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Գահիրէի (Եգիպտոս) Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը՝ ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն:
Բացման խօսքը կատարեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ան նշեց, թէ որպէս Քրիստոնեայ համայնքներ եւ որպէս եկեղեցի մենք անմիջական մէկ մասը կը կազմենք Միջին Արեւելքին եւ ազդուած ենք ու տակաւին կ՚ազդուինք շրջանէն ներս տիրող աղիտալի կացութենէն: «Բոլոր եկեղեցիները հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին եւ այդ մարտրահրաւէրները դիմագրաւելու համար եկեղեցիներու միութիւնը հրամայական է: Միջ-եկեղեցական շարժումը պէտք է իր յստակ կեցուածքն ու պատասխանը ունենայ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան նկատմամբ: Միասնականութիւնը պէտք է նկատել աղբիւրը մեր զօրութեան: Այս գիտակցութեամբ բոլորս որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդ հաւաքուած ենք միասնաբար խորհելու եւ միասնաբար գործելու ընդդէմ մեր եկեղեցիները վտանգող ժամանակակից կացութիւններու և մարտահրաւէրներու» կարեւորեց Նորին Սրբութիւնը:
Յայտնենք, որ ժողովը շարունակուեցաւ մինչեւ Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2015- ի կէսօր: Երեք իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին, տեղի պիտի ունենան զեկոյցներ և քննարկումներ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող ժամանակակից հարցերուն, ինչպէս նաեւ մշակուելիք ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մասին: