06 Kasım 2015
Սուրիական բանակը երէկ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բուռն բախումներէ ետք ահաբեկչական խմբաւորման պատճառած է մեծ կորուստներ եւ դարձեալ իր վերահսկողութեան տակ առած Հալէպ-Խանասեր-Ասրիէ-Սալամիէ ճամբան:
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը երեկոյեան հաղորդեց, որ ականազերծումի աշխատանքներէ եւ ապահովելէ ետք նշեալ ճամբուն վրայ երթեւեկի ապահովութիւնը, բեռնատար մեքենաներ սկսած են ուղղուիլ դէպի Հալէպ: