26 Ekim 2015
Թուրքիոյ մէջ Սէլիմ Սերհատ անունով երիտասարդ երգիչը, որ յայտնի է քրտերէն երգերու կատարումով, դաժանօրէն սպաննուած է: Դէպքը տեղի ունեցած Է Սթամպուլի Ավճըլար թաղամասի ակումբներէն մէկուն մէջ:
Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Sondakika» լրատուական կայքին այս մասին յայտնած է երգիչին ընկերը` Օնուր Աքայը: Ան պատմած է, որ Սերհատը սպաննած են քրտերէն երգելու համար` բեմի վրայ: Անյայտ անձիք յարձակած ու դանակահարած են երգիչը:
Սէլիմ Սերհատը 3 երեխաներու հայր էր: Յատկապէս յայտնի էր խաղաղութեան մասին իր երգերով: