Թուրքիոյ Մէջ Գործող Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Առաջնորդներուն Պատմական Հանդիպումը 17 Դար Անց - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

26 Ekim 2015  

Թուրքիոյ Մէջ Գործող Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Առաջնորդներուն Պատմական Հանդիպումը 17 Դար Անց -

Թուրքիոյ Մէջ Գործող Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Առաջնորդներուն Պատմական Հանդիպումը 17 Դար Անց Թուրքիոյ Մէջ Գործող Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Առաջնորդներուն Պատմական Հանդիպումը 17 Դար Անց

Թուրքիոյ մէջ գործող Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Յոյն ուղղափառ, Սուրիական ուղղափառ, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եւ աւետարանչական եկեղեցիներու առաջնորդները հաւաքուած են 17 դար ետք առաջին անգամ ըլլալով: Ըստ Zaman-ի հաղորդագրութեան, հանդիպումը տեղի ունեցած է յունական առաջնորդարանին մէջ (Ֆեներ) եւ նուիրուած էր «քրիստոնէութեան հինգ սկզբունքները» գիրքի հրատարակութեան: Գիրքին հրատարակիչն է վերոնշեալ 5 եկեղեցիներուն անդամաներէ բաղկացած խորհուրդը, կը գրէ panarmenian.net-ը:

Հանդիպումին մասնակցած են ՀԱԵ եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը, ՀԱԵ Կոնստանդնուպոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեանը, Սուրիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուսուֆ Չեթինը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելական փոխանորդ, եպիսկոպոս Լուի Պելատրը, Թուրքիոյ աւետարանչական եկեղեցւոյ առաջնորդ Իսհան Օզպեքը:

Թուրքիոյ աւետարանչական եկեղեցւոյ քարտուղար Թամար Քարասուն նշած է, որ հանդիպումը պատմական նշանակութիւն ունի քրիստոնեաներու համար, իսկ հրատարակուած գիրքը կ՛ընդգծէ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միասնութիւնը անկախ ուսմունքներու տարբերութենէն:

Այս հանդիպումը առաջին նման հաւաքն է 325 թուականի Նիկիոյ ժողովէն ետք:

Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողով. 325-ին Կոստանդիանոս Ա Մեծի կողմէ Նիկիա քաղաքին մէջ գումարուած քրիստոնեայ եկեղեցւոյ վարդապետներու ժողով է: Իր որոշումներուն աւանդական քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կողմէ ընդունման շնորհիւ ճանչցուած է տիեզերական: Ժողովին մասնակցած են 318 եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին Հայաստանէն` Գրիգոր Լուսաւորչի որդի Արիստակէսը: Ի թիւս այլ հարցերու ժողովը ճշդած է Զատիկը տօնելու ժամանակը` գարնանային արեւահաւասարէն անցած առաջին լիալուսնէն ետք ինկած առաջին Կիրակին: Ըստ աւանդութեանէ Արիստակէսը կը բերէ Նիկիական ժողովի որոշումները Հայաստան եւ կը ներկայացնէ Գրիգոր Լուսաւորիչին, որ զանոնք կը ներմուծէ Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան եւ ծիսակարգին մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+