Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց սրբադասումը Սուրբ Պետրոսի մէջ։ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

20 Ekim 2015  

Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց սրբադասումը Սուրբ Պետրոսի մէջ։ -

Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց սրբադասումը Սուրբ Պետրոսի մէջ։ Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց սրբադասումը Սուրբ Պետրոսի մէջ։

18 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-15ին, Միսիոներական համաշխարհային օրուայ առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սրբուհի Թերեզայի Մանուկ Յիսուսի ծնողաց` Երանեի Լուիս Մարթին եւ Երանելի Մարիա Զէլիա Կուէրինի` Սրբուհի Թերեզայի հայրն ու մայրը ինչպէս նաեւ թեմական քահանայ `Հայր Վինչէնցօ Կրոսսիի եւ կրօնաւորուհի` Մարիա Իմմաքոլաթա Քոնչեցիոնէի սրբադասման արարողութիւնը զոր նախագահեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Սրբուհի Թերեզայի Մանուկ Յիսուսի սրբադասումէն ինիսուն տարիներ ետք, անոր ծնողքն ալ կը դասուին եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին որպէս ``Տիպար ընտանիքի սրբութեան` որպէս ամոլ եւ որպէս ծնողք``։
Սրբադասման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն որուն կեդրոնական նիւթն է ծառայութիւնը ու կոչը` հետեւելու Յիսուսին հեզութեան ու խաչի ճանապարհին ուղիով։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, Տիրոջ ծառան է, անոր կեանք ու մահը յատկանշուած են ծառայութեամբ ու պատճառ դարձան մեր փրկութեան ու մարդկութեան Աստուծոյ հետ հաշտութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադարձաւ աւետարանական այն հատուածին, քաղուած Մարկոսի աւետարանն (Գլ 10) ուր Զեբեդեոսի որդիները` Յակոբ եւ Յովհաննէս, երկու եղբայրները, կը մօտենան Յիսուսին ու Անորմէ կը խնդրեն որ Իր փառքին մէջ նստին մէկը ձախ եւ միւսը աջ կողմը``, աշխարհիկ սկզբունքներու համաձայն ձգտելով պատիւներուն։ Այս խնդրանքին որպէս պատասխան Յիսուս անոնց կ՛ըսէ ``Չէք գիտեր ինչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք ըմպել բաժակը զոր ես պիտի ըմպեմ, կամ մկրտուիլ մկրտութեամբ որով ես պիտի մկրտուիմ``, ու անոնց դրական պատասխանին դիմաց Յիսուս կը վստահեցնէ որ ``բաժակը զոր ես պիտի խմեմ, դուք ալ պիտի խմէք։ Բայց բազմեցնել աջ ու ձախ կողմս, ինծի չ՛իյնար տալ. Պիտի տրուի անոնց որոնց համար պատրաստած է``։
Յիսուսի այս պատասխանը հրաւէր մըն է Իրեն հետեւելու սիրոյ եւ ծառայութեան ճանապարհին վրայ, մերժելով միւսները կառավարելու եւ առաջնակարգ տեղեր գրաւելու աշխարհիկ փորձութիւնը։

Իշխանութիւնն ու յաջողութիւնը փնտռող մարդոց դիմաց աշակերտները կանչուած են հակառակը ընելու։ Արդարեւ Յիսուս կը յանդիմանէ աշակերտները ըսելով ``եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ, թող ամէնուն ծառայէ։ Որովհետեւ մարդու որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ իր կեանքը որպէս փրկանք տալու բազմութեան համար``։
``Այս խօսքերով Յիսուս ցոյց կու տայ Քրիստոնեայ հասարակութեան իշխանութեան ոճը. Եկեղեցւոյ մէջ իշխանութիւնը կը կայանայ ծառայութեան մէջ, ի գործ դնելով խոնարհութեան առաքինութիւնը ``ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուս իր չարչարանքներով եւ իր մահով արժանացաւ առաջին դիրքին, ինքզինք նուիրելով Իր Եկեղեցւոյ։

Անհամատեղելիութիւն կայ աշխարհիկ իշխանութեան ըմբռնումի եւ Յիսուսի նմանութեամբ եւ ուսուցումով յատկանշուած ծառայութեան իշխանութեան միջեւ։ Անհամատեղելիութիւն կայ պատիւի, յաջողութեան համբաւի եւ երկրային ձեռքբերումներու եւ Խաչուած Քրիստոսի տրամաբանութեան միջեւ։ Ապա կայ համատեղելիութիւն ընդմէջ Յիսուսի ``տառապանքի փորձագէտ`` ու մեր տառապանքներուն։

Յիսուսի վարդապետութիւնը ողորմութեան եւ գթութեան վարդապետութիւն է։ Ան ապրեցաւ մեր դժուարութիւնները ու կը ճանչնայ մարդկային իրավիճակը։ Անոր փառքը իշխանութեան ծարաւ մը չէ այլ փառք` սիրելու մարդիկը, բաժնեկցելով անոնց տկարութիւնները ու անոնց պարգեւելու բուժիչ շնորհքը, ու առաջնորդելու զանոնք քնքշութեամբ։
``Մեզմէ ամէն մին, Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով, կը մասնակցինք Քրիստոսի քահանայութեան եւ ասոր համար ամէնքս կրնանք ընդունիլ Սէրը որ կը բխի Անոր բաց Սրտէն­, ու դառնալ այդ սիրոյ ու գթութեան ``խողուակները``, յատկապէս անոնց հանդէպ որոնք տառապանքի, ցաւի, յուսահատութեան եւ առանձնութեան մէջ են`` յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց չորս նոր սուրբերուն ու անոնց առաքինի կենցաղին` որոնք յարատեւ ծառայեցին իրենց եղբայրներուն արտակարգ սիրով եւ հեզութեամբ եւ նմանութեամբ իրենց Աստուածային Վարդապետին։

Թող այս նոր սուրբերու լուսաւոր վկայութիւնը մեզ խրախուսէ շարունակելու ծառայութեան ուրախ ճանապարհորդութիւնը վստահելով Աստուծոյ օգնութեան եւ Մարիամի Մայրական խնամատարութեան վրայ։ Թող որ անոնք երկնքէն հսկեն մեր վրայ ու մեզի թիկունք կանգնին ու բարեխօսեն մեզի համար։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+