20 Ekim 2015
Թրքական խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան` ազգութեամբ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան խաղաղութեան մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը:
Յիշեցնելով «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի` խաղաղութեան մասին խօսքերը, թէ` «գիտեմ, որ այս երկրին մէջ աղաւնիներուն չեն դպչիր», Փայլան ըսած է. «Ափսոս, որ Անգարայի մէջ խաղաղութեան կոչ կատարող աղաւնիները ջախջախեցին: Խաղաղութիւն տենչացողներուն համախմբուելու կոչ կ՛ուղղեմ»: