Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 122-ի. Անգարայի Ականահարման Վայրին Մէջ Բողոքի Ցոյց - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

12 Ekim 2015  

Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 122-ի. Անգարայի Ականահարման Վայրին Մէջ Բողոքի Ցոյց -

Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 122-ի. Անգարայի Ականահարման Վայրին Մէջ Բողոքի Ցոյց Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 122-ի. Անգարայի Ականահարման Վայրին Մէջ Բողոքի Ցոյց

Երէկ հակակառավարական կարգախօսներ բացագանչող հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան Անգարայի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած ականահարման վայրին մէջ` սգալով զոհերը:

Շաբաթ օր երկու անձեր անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեցին քրտամէտ եւ ձախակողմեան գործիչներու` Անգարայի գնացքի գլխաւոր կայարանին մօտ ՔԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ բանակին միջեւ բախումներուն դէմ բողոքի ցոյցի մը դէմ:

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որուն համակիրները Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք շաբաթ առաջ տեղի ունեցած ցոյցին մէջ տիրական ներկայութիւն էին, յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը յարձակում գործած է իր ղեկավարներուն ու անդամներուն դէմ, երբ անոնք փորձած են դէպքին վայրը ծաղկեպսակներ զետեղել: Արձանագրուած են վիրաւորներ:

Քրտամէտ կուսակցութիւնը նաեւ նշեց, որ շաբաթ օրուան ականահարման զոհերուն թիւը բարձրացած է 122-ի:

Կիրակի օրուան ցոյցին ընթացքին ցուցարարները կը բացագանչէին «Ոճրագործ Էրտողան», «Ոճրագործ ոստիկանութիւն»: Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներով փակեց դէպի խորհրդարան եւ կառավարական շէնքեր առաջնորդող ճամբան:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը հերքեց դէպքին որեւէ մեղսակցութիւն: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ յանցագործը կրնայ ՏԱՀԵՇ-ը, ՔԱԿ-ը կամ ծայրայեղ ձախակողմեան արմատականներ ըլլալ: Թրքական ապահովական մարմիններէն պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ըստ նախնական տուեալներու, ականահարումը ՏԱՀԵՇ-ի գործն է: «Հիւրրիյէթ տէյլի նիուզ» կը նշէ, որ ոմանք ակնարկած են, որ դէպքին պատասխանատուները կրնան քիւրտերու յաւելեալ իրաւունքներու պարգեւման ընդդիմացող ազգայնականներ ըլլալ:

Թրքական մամուլը թարգմանը հանդիսացաւ դէպքին նկատմամբ սուգին եւ զայրոյթին: Աշխարհիկ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի առաջին էջին խորագիրն էր «Խաղաղութիւնը կը սգանք», «Հապերթիւրք» օրաթերթին խորագիրն էր` «Վատոգի մարդիկ յարձակում կը գործեն Անգարայի մէջ», իսկ կառավարամէտ «Սթար» օրաթերթինը` «Նպատակը ժողովուրդը մասնատելն է»:

Տաւութօղլու երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+