09 Ekim 2015
Թուրքիա դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու համար, կը յայտնէ News.am:
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին համաձայն, Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆեր Աքթուղ յայտնած է, որ եթէ Վանի բերդը մտնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա Վանին մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ:
Նշենք, որ Թուրքիան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ուղղուած դիմումին մէջ շեշտած է Վանի բերդը եւ Վանի քաղաքամէջը (հայկական թաղամասը) իբրեւ համաշխարհային ժառանգութիւն ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը: