07 Ekim 2015
Պոլսահայ լրագրող, Սթամպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով տարուող հետաքննութեան ծիրէն ներս 9 ոստիկան ձերբակալելու վերաբերեալ որոշում կայացուած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, անոնց շարքին են նաեւ Սթամպուլի հետախուզական բաժնի նախկին տնօրէն Ահմեթ Իլհան Կիւլերը եւ Անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան հետախուզական բաժնի տեխնիկական հարցերով ենթաբաժնի նախկին ղեկավար Եունուս Եազարը:
Տինքի սպանութեան գործը քննող Սթամպուլի հանրապետական դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ բաժանմունքի դատախազ Կէոքալփ Քիոքչուն 9 ոստիկանները ձերբակալելու որոշում ընդունած է «կանխամտածուած յանցագործութեան աջակցելու, պաշտօնական թղթաբանութեան մէջ զեղծարարութեան, պաշտօնական փաստաթուղթ թաքցնելու եւ վերացնելու» հիմնաւորումներով: 2012 թուականի Յունուար 17-ին դատարանի որոշմամբ` Տինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան, իսկ անմիջական յանցագործ Օկիւն Սամասթը` 22 տարուան ազատազրկման:
2014 թուականի Հոկտեմբերին Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւններու գործերով 5-րդ դատարանը որոշում կայացուց Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսիլ զերոյէն: Այս անգամ բոլոր ամբաստանեալներուն կ’առաջադրուի «յանցաւոր խմբաւորման ստեղծման եւ կառավարման կամ անոր մէջ մասնակցութիւն ունենալու» մեղադրանք: Բացի այդ, Տինքի սպանութեան ժամանակ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած 9 անձիք, որոնց մէջ` Սթամպուլի նախկին ոստիկանապետ Ճելալեթին Ճերահի նկատմամբ դատական գործեր յարուցելու կապակցութեամբ որոշումներ ընդունուած են: