06 Ekim 2015
2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին համար Վրաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ սահմանուած ուսումնական ծրագիրը կը նախատեսէ Հայոց լեզուի պահերու կէս ժամուան նոր կրճատում մը:
Ջաւախքի հանրակրթական դպրոցներու 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններուն մէջ նախկին շաբաթական 5 դասաժամուն փոխարէն այժմ կ՚ուսուցանուի 4,5 ժամ:
“Ցաւոտ հարց է։ Կրճատեցին մեր մայրենիի դասաժամերը։ Հայերէնը բարդ լեզու է. բարձր դասարաններու ծրագիրը բաւական ծաւալուն է. արդէն կը դժուարանայինք ամբողջ նիւթը փոխանցելու աշակերտին”, յայտնած է Հայոց լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ Սաթենիկ Նահապետեան:
Հայկական վարժարաններու տնօրէնները կ՚ըսեն, թէ 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններուն մէջ չեն կրնար դասաժամերը փոխել, քանի որ Վրաց լեզուի, Վրաստանի աշխարհագրութեան, Վրաստանի պատմութեան, մարզանքի դասաժամերը փոխելու իրաւունք չունին, իսկ մնացած առարկաներէն ալ աշակերտները պէտք է քննութիւն անցընեն:
Վրաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւնը հայկական դպրոցներուն մէջ վերջին անգամ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաժամերը կրճատած էր 2012-ին: