05 Ekim 2015
Հայաստան կը պատրաստուի աւելցնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ներմուծուող կազի ծաւալները` միաժամանակ աւելցնելով ելեկտրականութեան արտահանումը Իրան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով իրանական լրատուամիջոցները, Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են ՀՀ ելեկտրականութեան եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զաքարեան եւ Իրանի քարիւղի նախարար Պիջան Զանգանեհ:
ԻԻՀ նախարարը նշած է, որ այդ հարցով հայ-իրանական համագործակցութեան ձեւաչափը պիտի շարունակուի մնալ նոյնը` աւելցնելով, որ գործարքի մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին յառաջիկային:
Զանգանեհիի փոխանցմամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պաշտօնական հրաւէրով մօտ օրերս Հայաստան պիտի այցելէ Իրանի վարչապետ Էսհաղ Ջահանգիրին: Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ «Իրան-Հայաստան կազատարի կառուցման պայմանագիրը» կնքուած է 2004 թուականին:
Իրանի կազի արտահանման ազգային ընկերութեան կառավարիչ տնօրէն Ալիրեզա Քամելիին «Շանա» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իրան հնարաւորութիւն ունի տարեկան մօտ 2.3 միլիառ խորանարդ մեթր կազ արտահանելու Հայաստան:
Ներկայիս շահագործուող կազատարի միջոցով օրական կարելի է արտահանել 6 միլիոն խորանարդ մեթր կազ, այնինչ, միայն 3 միլիոն կ՛արտահանուի: «Քանի որ անհրաժեշտ ենթկառուցուածնքերը չկան Հայաստանի մէջ, երկիրը չի կրնար լիովին օգտուիլ կազատարի հանարաւորութիւններէն»,- նշած է Քամելին:
Իրանցի պաշտօնեան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստան ներկայիս կը նախատեսէ կառուցել նոր` 400 քիլօութնոց ելեկտրահաղորդման գիծ եւ խնդրած է Իրանին մատակարարել նոր գործարանի գործարկման համար անհրաժեշտ բնական կազ: