19 Eylül 2015
Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Ճեմալ փաշայի թոռան` թուրք գրող, լրագրող Հասան Ճեմալի դէմ քննութիւն սկսած է` իր հերթական յօդուածին պատճառով, որ վերնագրուած է «Հոսող արեան միակ պատասխանատուն պալատի Սուլթանն է, վերջակէտ»:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Tert.am-ը` յղում կատարելով Hurriyet-ին` Հասան Ճեմալը արդէն կանչուած է հարցաքննութեան:
Հասան Ճեմալի վերոնշեալ յօդուածը հրապարակուած է Օգոստոսի 12-ին` T24 կայքին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Հասան Ճեմալ «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքին հեղինակն է: 2008 թուականին ան այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղիկներ դրած Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին: Մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեանը նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու: