17 Eylül 2015
Դեռ 2013-ին երջանկայիշատակ Հրանդ Վարդանեան Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն օգնելու համար տրամադրած էր 100 հազար տոլար:
News.am-ի փոխանցմամբ` սուրիահայերուն աջակցելու անոր ծրագիրը այսօր կը շարունակեն որդիները` Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները: Անոնք հանդիպած են Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգսեանի հետ եւ անձամբ տեղեկացած Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին:
Վարդանեանները առաջարկած են իրենց աջակցութիւնը: 100 հազար տոլար` այս անգամ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու կարիքները հոգալու համար: