11 Eylül 2015
Վարշաւայի մէջ 2015 թուականի Սեպտեմբեր 8-ին կայացած Պատմական եւ ռազմական ֆիլմերու միջազգային 6-րդ կինոփառատօնի մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ կինոփառատօնին Հայաստանէն ներկայացուած Վրէժ Պետրոսեանի «Ուրիշ Հայրենիք. Մարիա Եաքոպսընի օրագրութիւնը» ֆիլմը արժանացած է կինոփառատօնի հովանաւոր, Լեհական բանակի ուղղափառ թեմի մրցանակին:
Ջիւան Աւետիսեանի` Արցախի պատերազմին նուիրուած «Թեւանիկ» ֆիլմը արժանացած է կինոփառատօնի կազմակերպիչ «Ռազմական գիտութեան ընկերակցութեան» մրցանակին: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է Լեհաստանում ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան:
«Ի դէպ, «Թեւանիկ» ֆիլմը ցուցադրուած է նաեւ այս տարի Յուլիսին Լեհաստանի Լիւպլին քաղաքին մէջ «Արեւելքի մշակոյթ» ծրագրի ծիրէն ներս: Կը շնորհաւորենք մեր կինոգործիչները եւ կը մաղթենք յետագայ յաջողութիւններ եւ միջազգային պարգեւներ»,-նշած է Էդգար Ղազարեան: