Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Ֆիլիփեան Կղզիներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

11 Eylül 2015  

Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Ֆիլիփեան Կղզիներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը -

Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Ֆիլիփեան Կղզիներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Ֆիլիփեան Կղզիներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քարլոս Դ. Սորրետան (նստավայրը` Մոսկուա):

Նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը նշանակման առիթով եւ յոյս յայտնած, որ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան իր փորձն ու կարողութիւնները ամբողջութեամբ պիտի ներդնէ Հայաստանի եւ Ֆիլիփեան կղզիներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է աշխուժացնելու Ֆիլիփեան կղզիներուն հետ քաղաքական երկխօսութիւնը, սերտացնելու կապերը միջխորհրդարանական եւ միջկառավարական մակարդակներու վրայ, զարգացնելու համագործակցութիւնը տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական եւ այլ մարզերու մէջ, ուր, հանրապետութեան նախագահին համոզումով, զգալի աշխատանք կայ իրականացնելու: Տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը խթանելու համար նախագահը կարեւոր նկատած է երկկողմանի յաճախակի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ անոր, կ՛օգնեն ճանչնալու փոխադարձ շահերն ու հետաքրքրութիւնները, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն միջազգային կառոյցներու մէջ զիրար օգտակար ըլլալու համար համապատասխան դիրքորոշումներու ձեւաւորման:

Դեսպան Սորրետան վստահեցուցած է, որ առաւելագոյն ջանք պիտի ներդնէ հայ-ֆիլիփեան յարաբերութիւնները զարգացնելու համար եւ տեղեկացուցած է Հայաստանի նախագահին, որ արդէն իսկ այդ նպատակով հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի մէջ` այս ընթացքին կեդրոնացնելով աշխատանքը հաւանական երկկողմանի համաձայնագիրներու մշակման ուղղութեամբ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջողութիւններ մաղթած է դեսպանին` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն կատարելու համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+