Ռուսիոյ Մէջ. Մերժ Սարգսեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

10 Eylül 2015  

Ռուսիոյ Մէջ. Մերժ Սարգսեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում -

Ռուսիոյ Մէջ. Մերժ Սարգսեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում Ռուսիոյ Մէջ. Մերժ Սարգսեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ռուսիա:

Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, 8 սեպտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` իբրեւ օրակարգային նիւթ ունենալով հայ-ռուսական երկկողմանի գործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահները քննարկած են երկու երկիրներու տնտեսական, քաղաքական, մարդասիրական եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը:

Նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին: Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ եւ անձամբ Փութինին` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղիներու որոնման ուղղութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն համար: Ան նշած է. «Վերջին երկու շաբաթներուն սահմանային գիծը շատ լարուած էր: Ազրպէյճանական կողմը բացի խոշոր տրամաչափի հրազէնէն, կիրարկած է հրետանային զէնք: Վստահաբար, մենք ստիպուած եղած ենք պատասխան տալու: Ես այդ մասին աւելի մանրամասնօրէն պիտի խօսիմ Տուշանպէյի մէջ` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին դիտել տուած է, որ թէեւ յաճախ իրենք հանդիպումներ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, տարբեր համաժողովներու զուգահեռ տեսակցութիւններ կ՛ունենան, սակայն միշտ ալ քննարկելի հարցեր կան: «Ես նկատի ունիմ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն առանձնայատուկ բնոյթը, նկատի ունիմ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միացումը, ինչպէս նաեւ լիարժէք մասնակցութիւնը համարկման այլ կառոյցի մը` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան: Կ՛ուզէի այս առումով ձեզի հետ շարք մը հարցեր քննարկել: Հաճելի է, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի յառաջատար տնտեսական գործընկերը: Համեմատած 2013 թուականին հետ, նախորդ տարի մեծապէս աւելցած է մեր ապրանքաշրջանառութիւնը, բայց, ցաւօք, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին տեղի ունեցած է փոփոխութիւն` դէպի նուազում: Մենք այսօր այդ մասին եւս կը խօսինք: Այդտեղ կան որոշ նրբութիւններ, որոնց պատասխանները չունինք տակաւին: Մենք պատրաստ ենք ձեզի հետ քննարկելու այդ հարցերը»:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք սկսած համալրացման հոլովոյթներուն: Նախագահները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+