09 Eylül 2015
Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեան իր facebook-եան էջի մէջ կը գրէ.
Շաբաթ մը առաջ Լիբանան էի, ի միջի այլոց հանդիպեցայ վաղեմի արաբ մտաւորական ընկերոջս, որուն հետ հեռաւոր Փարիզէն ալ միշտ կապ կը պահեմ, քանի մեր դատին անկեղծ հաւատացող եւ իր գրիչովը գովազդող անձնաւորութիւն է։
Այս անգամ կէս հանդիմանողական շեշտով ուշադրութեանս հրաւիրեց, ինչու մենք հայերս պաշտօնական եւ անպաշտօն մամուլին մէջ կը շարունակենք մեր պատմական ԱՐՑԱԽԸ կոչել թրքական տարբերակով “Ղարաբաղ ” – առիթ տալով մեր թշնամիներուն պնդելու, որ սա ազերի տարածք է։ Եկէք այսուհետեւ որդեգրենք միայն ԱՐՑԱԽ տարբերակը՝ թիւրիմացութիւններ չստեղծելու համար