01 Eylül 2015
Հայ առաքելական եկեղեցին այս օրերուն կը պատրաստուի Սեպտեմբեր 27-ին կայանալիք միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական բաժինը:
Նշանակալի այս իրադարձութեան կ՝ակնկալուի մօտ 30 միջեկեղեցական պատուիրակութեան ներկայութիւն: Պատուիրակութիւններէն 25-ը արդէն դրական պատասխանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրաւէրին։