01 Eylül 2015
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Պուէնոս Այրես Հերըլտ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Ամերիկաներու հարցով վարչութեան գլխաւոր տնօրէն Պերքան Փազարճը լատինամերիկեան լրատուամիջոցներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին քննադատած է Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Թիմերմանը` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Արժանթինի դիրքորոշման համար:
«Այդպիսի դիրքորոշումը Արժանթինին չ՛օգներ բարելաւելու իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ», նշած է թուրք պաշտօնատարը:
2006-ին Արժանթինի քոնկրեսը դատապարտած էր հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, իսկ 2015-ի սկիզբը Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆեռնանտես տէ Քիրշներ վերահաստատած էր օրէնսդիր մարմինի որոշումը` նշելով, որ այդ դիրքորոշումը կը կիսէ նաեւ երկրին գործադիր մարմինը:
Այս տարուան յունուարին Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեկթոր Թիմերման այցելած էր Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցած էր թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ բազմաթիւ հարցերու կողքին արծարծած նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը:
Արժանթինը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած միակ լատինամերիկեան երկիրը չէ: Խորհրդարանական մակարդակով զայն ճանչցած են նաեւ Չիլին, Պոլիվիան, Վենեզուելան, Ուրուկուէյը եւ Պրազիլը: