Այնճարի Մէջ. Մուսալեռցի Նշանաւոր Գրող Եդուարդ Պօյաճեանի Վերանորոգուած Դամբարանի Բացում - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

29 Ağustos 2015  

Այնճարի Մէջ. Մուսալեռցի Նշանաւոր Գրող Եդուարդ Պօյաճեանի Վերանորոգուած Դամբարանի Բացում -

Այնճարի Մէջ. Մուսալեռցի Նշանաւոր Գրող Եդուարդ Պօյաճեանի Վերանորոգուած Դամբարանի Բացում Այնճարի Մէջ. Մուսալեռցի Նշանաւոր Գրող Եդուարդ Պօյաճեանի Վերանորոգուած Դամբարանի Բացում

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 28 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ մուսալեռցի նշանաւոր գրող Եդուարդ Պօյաճեանի վերանորոգուած դամբարանին բացումը:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով Յակոբ Այնթապլեան հրաւիրեց գիւղի հոգեւոր հայրերը եւ գեղանկարիչ Րաֆֆի Անտոնեանը, որպէսզի բացումը կատարեն դամբարանին:


Այնուհետեւ Յակոբ Այնթապլեան ներկայացուց կենսագրականը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Գրիգոր Գպուրեանի, որուն յիշատակին նուիրուած էր սոյն ձեռնարկը: Ան յայտնեց, որ Գպուրեան հաւատաւոր դաշնակցական էր իր հինգ որդիներով եւ քաջաբար դիմադրեց թշնամիին` մինչեւ իր նահատակութիւնը:

Ապա Այնթապլեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ ամբողջութեամբ վերանորոգել Եդուարդ Պօյաճեանի դամբարանը:

Ապա ան ներկայացուց Եդուարդ Պօյաճեանի կենսագրականը` կեդրոնանալով անոր գրական ժառանգութեան վրայ: Ան հատուածներ ներկայացնելով Պօյաճեանի տարբեր գործերէն, վեր առաւ գրողին ազգային-հայրենասիրական ապրումները, որոնք պայքարող ժողովուրդի մը կենսագրականը կը ներկայացնեն: Ան ըսաւ, որ «Պօյաճեան ունի ստեղծագործ հոգիին յատուկ գաղտնիքը, կարողութիւնը, կամքը եւ նաեւ գութը»:

Ան յիշելով Պօղոս Սնապեանի խօսքերը Եդուարդ Պօյաճեանի մասին յայտնեց, որ «մեծ սէրեր ապրած եւ մեծ վիշտեր կրած մարդ էր Պօյաճեան . հող ունեցած եւ հող կորսնցուցած հոգեխռով հոգիներու պատմիչը, զաւակ ունեցած խուճապահար հայր մը»:

Այնթապլեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Ահա քու մահէդ մօտաւորապէս 50 տարիներ ետք կրկին անգամ վերանորոգուած այս տապանաքարով ՀՐԱՇՔ ՊԱՆԴՈՒԽՏՆԵՐՈՒԴ թոռները կու գան իրենց երախտագիտութիւնն ու յարգանքը արտայայտելու եւ խոնարհելու շիրիմիդ առջեւ: Այսօր անգամ մը եւս կը հաւատանք, որ Եդուարդ Պօյաճեան մեռած չէ, այլ ան բոլոր ժամանակներուն կենդանի յուշարարն է որ մենք մուսալեռցի ենք…»:

Բացման խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն` կատարողութեամբ գիւղի հոգեւոր հայրերուն եւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դպրաց դասին:


Ապա Նարոյ Ադամեան ասմունքեց եդուարդ Պօյաճեանի Մուսա լերան 18 նահատակներուն նուիրուած քերթուածը, որմէ ետք Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ, որ ներկայ սերունդի զաւակները պէտք է կարդան Եդուարդ Պօյաճեանի գրութիւնները եւ անոնցմով ներշնչուած շարունակեն իրենց պայքարը, որպէսզի հակառակ սփիւռքի մէջ տիրող դժուար պայմաններուն, կարենան պահել իրենց ինքնութիւնը: Տէր հայրը յայտնեց, որ «ներկայ երիտասարդ սերունդը պէտք է կարչի Մուսա լերան նահատակ պապերու սրբազան կտակին եւ աննկուն կամքին, որպէսզի մուսալեռցիի զօրաւոր հաւատքով շարունակենք մեր պայքարը` պահելու համար մեր գիւղին հայկական դիմագիծը»:


Ապա խօսք առաւ Վարուժան արք. Հերկելեան: Ան բարձր գնահատեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբերը` որոնք կազմակերպած էին սոյն ձեռնարկը: Ան ըսաւ. «Այս ձեռնարկը իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա կը նմանի փոքր կայծի մը, որ եթէ չխնամուի եւ հովին ձգուի, կը մարի. այդ կայծերը պէտք է վերածենք հրդեհներու, որպէսզի Եդուարդ Պօյաճեանը եւ բոլոր գրողները ապրին եւ վերակենդանանան մեր տուներուն, դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» եւ «Մուսա լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք» խմբերգներով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+