28 Ağustos 2015
Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, շաբաթ, 22 օգոստոս 2015-ին այցելած էր Սիսի կաթողիկոսարան, ուր կատարուած էր հոգեհանգիստ` 1293-ին Հայոց կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:
Ապա, նոյն վայրին մէջ կարդացուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը: 100 տարի ետք, Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր հայրապետական պատգամ` ուղղուած մեր ժողովուրդին:
Այս մասին տեսանիւթը արդէն հրապարակուած է ու զայն կարելի է դիտել` այցելելով