26 Ağustos 2015
Միջազգային աստղագիտական միութեան Աստղագիտութեան զարգացման գրասենեակը նոր համակարգման բաժիններ հիմնադրած է Հայաստանի, Քոլոմպիոյ, Յորդանանի, Նիճերիայի եւ Փորթուկալի մէջ։
Ըստ News.am-ի՝ միութեան կայքին վրայ նշուած է, որ նոր երկիրներու հետ գործընկերութիւնը մաս կը կազմէ կազմակերպութեան տասնամեայ ռազմավարական ծրագիրին, որուն թիրախը աստղագիտութեան հասարակական շահի իրացումն է։
Համաձայնագիրը ստորագրուած է Հոնոլուլուի մէջ, կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
Հինգ նոր գրասենեակները պիտի կատարեն երկու կարեւոր գործառնութիւն. շրջանային բաժանմունքները պիտի համակարգեն գործունէութիւնը դրացի երկիրներուն մէջ աստղագիտութեան զարգացման ոլորտին մէջ, մինչդեռ լեզուական փորձագիտական կեդրոնները պիտի զբաղին լեզուական եւ մշակութային կողմերով:
Հարաւ-արեւմտաասիական շրջանային գրասենեակ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ՝ Բիւրականի աստղադիտարանին կից: