Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-19 - Հայերէն
30 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

23 Ağustos 2015  

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-19 -

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-19 Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-1939)» Նորատիպի Շնորհահանդէսը

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939)» (անգլերէնով) նորատիպի շնորհահանդէսը:

Հատորը հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանին կողմէ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Պոյաճեան-Գարայեանը: Ան ներկայացուց Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Պաղտասար Մարտիկեանի կենսագրականը, որուն յիշատակին կազմակերպուած էր սոյն ձեռնարկը:

Ապա ան ներկայացուց դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի կենսագրականը` մատնանշելով անոր կատարած ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտութիւնները Մուսա լերան հայերուն կեանքին մասին: Ան յիշեց նաեւ դոկտ. Շամմասեանի ստացած գնահատագիրները` անոր կրթական եւ ակադեմական ներդրումներուն համար:

Ապա ասմունքով հանդէս եկաւ Պարոյր Ղուկասեան, որմէ ետք Սիլվա Քեչեճեան կատարեց երկու հայկական ժողովրդային երգեր:

anj-1_8-21-15Այնուհետեւ Հայկազեան համալսարանի դասախօս եւ Սփիւռքի ուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան ներկայացուց «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939)» նորատիպը:

Ան իր խօսքը սկսաւ յարգանքի տուրք մատուցելով Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ հայ դիմադրական ու ինքնապաշտպանական գործողութիւններու մասնակցողներուն եւ նահատակներուն, տեղահանութեան շրջանին իրենց պատիւն ու ինքնութիւնը արիաբար պաշտպանած հայերուն, փրկարար եւ ազատագրումի աշխատանքներուն նպաստած հայ եւ ոչ հայ նուիրեալներուն:

Դոկտ. Տաքէսեան առաջին մասով ներկայացուց հատորը եւ անոր բովանդակութիւնը, որ կը նկարագրէ մուսալեռցիներուն վերադարձը դէպի իրենց պապենական հողը եւ 1919-էն 1939 թուականներուն անոնց կեանքը: Ան ըսաւ, թէ հատորը կը ներկայացնէ մուսալեռցիներուն ընկերային-դասակարգային կառոյցը, կենցաղը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները, աշխատանքային ծիրը` երկրագործութիւնը եւ անասնապահութիւնը, առեւտուրը, գործի ասպարէզները, արհեստները եւ ճարտարարուեստը, մշակութային դրսեւորումները, պանդխտութիւնը դէպի Մերձաւոր Արեւելքի մօտաւոր եւ հեռաւոր երկիրներ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէ եկող զբօսաշրջիկներուն ամառնային հանգիստ տրամադրող Մուսա լերան զբօսաշրջային ճարտարարուեստը:

Ան ըսաւ, թէ գիրքը կ՛աւարտի վերջաբանով մը, որ կը նկարագրէ մուսալեռցիներուն հերթական ելիցը իրենց պապենական հողէն եւ հաստատումը Այնճարի տարածքին վրայ:

Դոկտ. Տաքէսեան երկրորդ բաժինով ներկայացուց գիրքին բովանդակութեան յառաջացումը` նշելով հեղինակին աղբիւրները: Ան ըսաւ, թէ դոկտ. Վահրամ Շամմասեան գիրքին մանրամասնութիւնները հաւաքած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ՀԲԸՄ-ի, Մխիթարեան միաբանութեան, Ազգային պատուիրակութեան, Հալէպի, Եգիպտոսի, Պոսթընի, ՀՕՄ-ի, Մթայլեպի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, ՄԱԿ-ը նախորդած Ազգերու լիկայի, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւներէն, որոնք իրենց հարուստ եւ վաւերական նիւթերով փաստագրական ողնասիւնը կազմած են սոյն հատորին:

Դոկտ. Տաքէսեան վերջին բաժինով ներկայացուց գիրքին գնահատականը` ըսելով, թէ «հատորը շատ յաջող ճիգ մըն է վերականգնելու եւ վերակերտելու Մուսա լերան 6 գիւղերուն պատմութիւնը 1919-էն 1939 ժամանակաշրջանին: Նման բախտի չէ արժանացած արեւմտահայ կամ կիլիկիահայ այլ հատուած մը: Մուսա լեռը, նամանաւանդ մերօրեայ Այնճարը, յատուկ համեմ է: Համահայկական աշխարհը պէտք ունի միշտ նորացուած համ ու հոտի: Այնճարը եւ այնճարցին առարկայական, ենթակայական եւ պարագայական կարեւոր առաւելութիւններ ունին, որոնք կը դառնան այդ հիմնական աղերէն մին»:

Դոկտ. Տաքէսեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ դոկտ. Վահրամ Շամմասեան լաւապէս գիտակցած է իրեն տրուած կարելիութիւններուն եւ շնորհներուն ու գերազանցելով ինքզինք իւրովի տուած է իրեն շնորհուածէն, եւ կրցած է լաւատեսօրէն դիտել, վերլուծել եւ շարադրել իր վերականգնած իրականութիւնը Մուսա լերան յետ-եղեռնական քսանամեակին:

Գիրքին ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ հատորի շնորհահանդէսը եւ օրհնութիւնը գիւղի հոգեւոր հայրերուն ձեռամբ:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+