Արժանթինի մէջ մեծ եղեռնի նահատակներու նուիրուած յուշակոթողի օրհնութիւն։ - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

21 Ağustos 2015  

Արժանթինի մէջ մեծ եղեռնի նահատակներու նուիրուած յուշակոթողի օրհնութիւն։ -

Արժանթինի մէջ մեծ եղեռնի նահատակներու նուիրուած յուշակոթողի օրհնութիւն։ Արժանթինի մէջ մեծ եղեռնի նահատակներու նուիրուած յուշակոթողի օրհնութիւն։

Արժանթինի Հայ Կաթողիկէ համայնքը, անցեալ Կիրակի 16 օգոստոս 2015-ին, Տիրամօր Վերափոխման տօնին առթիւ կատարեց նաեւ Մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը։

Արդարեւ՝ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի, Նարեկի Տիրամօր ձօնուած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 16 օգոստոսին, Տիրամօր վերափոխման տօնի եւ Տիրամայր Նարեկի ժողովրդապետութեան հիմնադրութեան 91 ամեակի տարեդարձի զոյգ առիթներով, Լատին Ամերիկիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանեց, առընթերակայութեամբ Հայր Կէսնարիոս Լուսարիանի եւ հայր Կոմիտաս Սէպասթիանի

Հանդիսաւոր Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Տիար Ալէքսան Յարութիւնեան, հայկական հաստատութիւններու զանազան ներկայացուցիչներ,­ Մարոնի համայնքի առաջնոդ` գերապածառ Ժան Հապիո Շամիէ , ինչպէս նաեւ կղերական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Սուրբ Զոհին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Գերապայծառ առաջնորդը , ընդգծեց Տիրամօր վերափոխման տօնի կարեւորութիւնը, երկնաւոր Մայր ու Պաշտպան Սրբուհին՝ Նարեկի Տիրամօր ժողովրդապետութեան։
Գերապայծառ Պօղոսեան անդրադարձաւ նաեւ Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի նորընտիր Պատրիարք Կաթողիկոսի գահակալութեան արարողութեան։ Ան ապա շնորհաւորանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ հասարակութեան ժողովրդապետ գերյարգելի Պողոս վրդ Հաքիմեանի քահանայական ծառայութեան 34 ամեակին առթիւ, ինչպէս նաեւ արժեւորեց Մեծ եղեռնի նահատակաց նուիրուած յուշարձանի իրականացման նպաստ բերող բարերարները։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մարդու աշխատանքի պտուղը խորհրդանշող խաղողօրհներգի արարողութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք, թափօր կազմուեցաւ Հայկական, Արժանթինեան եւ վատիկանեան դրօշակներով ու գոյնզգոյն ծաղիկներով, որոնք շրջապատեցին գերյարգելի Հաքիմեան ժողովրդապետ հայրը ,որ կը կրէր Հայկական կաւէ ծաղկամանի մը մէջ ամփոփուած, Հայաստանէն ու նաեւ Տէր Զօրի անապատէն բերուած հայ նահատակներու աճիւններով թռչուած ափ մը հող, որոնք զետեղուեցան Հայոց նահատակներու նուիրուած յուշակոթողին մէջ եւ որուն բացումը կատարուեցաւ հայրապետական օրհնութեան արարողութեամբ, հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ։

Բացման արարողութեան առթիւ, խօսք առին Յուշարձանի հեղինակ արուեստագէտ Կակիկ Վարդանեան, որ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ յուշարձանին մասին, ապա գերյարգելի Հաքիմեան որ ընդհանուր ակնարկ կատարեց կաւէ ծաղկամանի մէջ բովանդակուած աճիւններու մասին, բարձր արժեւորելով անոնց տէրերուն՝ մեր մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն հոգեւոր եւ ազգային արժանիքները։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+