15 Ağustos 2015
Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Քեմփ Արմէն»ի վրայ տեղի ունեցած է յարձակում մը։ Ըստ աղբիւրին՝ Օգոստոս 13ի ուշ երեկոյեան անյայտ անձեր բիրերով յարձակում գործած են «Քեմփ Արմէն»ի շուրջ հերթապահութիւն ընող տղոց վրայ եւ ծեծի ենթարկած զանոնք: Երկու անձեր վիրաւորուած եւ փոխադրուած են հիւանդանոց:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» միութիւնը, որ նաեւ յայտնած է, թէ երիտասարդները պիտի շարունակեն իրենց պայքարը եւ թոյլ պիտի չտան, որ շէնքը քանդուի:
Նշենք, որ նոյն օրը իր լրումին կը հասնէր «Քեմփ Արմէն»ի պաշտպանութեան 100րդ օրը:
«Նոր Զարթօնք» միութեան համաներկայացուցիչ Սայաթ Թեքիր այս առթիւ ըսաւ, որ «Քեմփ Արմէն»ի վրայ տեղի ունեցած յարձակումէն վիրաւորուած երկու անձերը բնականոն վիճակի մէջ են եւ վերադարձած են իրենց աշխատանքին:
Թեքիր նաեւ նշեց, որ այդ դէպքէն ետք, մեծ թիւով տեղացի (յատկապէս ձախակողմեան) հասարակական գործիչներ զօրակցութիւն յայտնած են իրենց: «Այս պահուն, թուրք, քիւրտ եւ տարբեր ազգութիւններէ աքթիւիսթներ կը գտնուին «Քեմփ Արմէն»ի մէջ», ըսաւ Սայաթ Թեքիր:
Պոլսահայ գործիչը նաեւ աւելցուց, որ Թուրքիա ապրելով՝ իրենք վարժ են նման յարձակումներու, եւ այսպիսի դէպքեր աւելիով կը զօրացնեն իրենց պայքարը: Ան «Արեւելք»ի ամպիոնէն Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան դիմելով՝ ըսաւ. «Մենք հայութեան զօրակցութեան կարիքն ունինք յատկապէս այս հանգրուանին», հաւաստելով, որ իրենք մտադիր են ամէն գնով այս պայքարը շարունակել: