03 Ağustos 2015
Ուրբաթ 31 Յուլիս 2015-ին, Հալէպի Ալ Ռաշիտին շրջանին մէջ, լրատուական իրենց աշխատանքին ընթացքին, հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցան Սուրիոյ «Սանա» պետական գործակալութեան լուսանկարիչ Ճորճ Ուրֆալեանն ու սուրիական հեռուստակայանի լրագրող Շատի Հըլուէն ու նկարահանող Ֆատի Խարուֆը: Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը։