Գերմանահայոց Առաջնորդութեան Դպիր-Կիսսարկաւագ-Սարկաւագներու Սեմինարը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

04 Mart 2015  

Գերմանահայոց Առաջնորդութեան Դպիր-Կիսսարկաւագ-Սարկաւագներու Սեմինարը -

Գերմանահայոց Առաջնորդութեան Դպիր-Կիսսարկաւագ-Սարկաւագներու Սեմինարը Գերմանահայոց Առաջնորդութեան Դպիր-Կիսսարկաւագ-Սարկաւագներու Սեմինարը

27Փետրուար-1 Մարտ 2015 թուականներու միջեւ Գերմանիոյ Քօպլէնց քաղաքի մօտ Պենետիդեան Մարիա Լաախ վանքի մէջ տեղի ունեցաւ Գարմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան կողմէ կազմակերպուած Դպիր-Կիսասարկաւագ-Սարկաւագներու եռօրեայ Բ.Սեմինարը. Սեմինարը բացուեցաւ, 27 Փետրուար 2015 Հինգշաբթի երեկոյան ժամերուն Հարաւային Գերմանիոյ հոգեւոր հովիւ Տ.Տիրատուր Քհնյ.Սարդարեանի ողջոյնի խօսքերով,Տէրհայրը սեմինարի մասնակիցներուն ներկայացուց եռօրեայ աշխատանքի մէջ նախատեսուած ծրագիրը,քննարկութեան եւ բանախօսութեան նիւթերը:Տէրհայրի բացման խօսքերէն յետոյ ,ելոյթ ունեցաւ թեմական խորհուրդի անդամ Տոքթ.Սարգիս Ատամ:Ան ողջունելով ներկայները,շնորհակալութիւն յայտնեց սեմինարի բոլոր մասնակիցներուն որոնք մեծ զոհողութիւններ աչքի առնելով ,հեռու ափերէն եկած էին սեմինարի մասնակցնելու համար:Ան ընդգծելով շեշտեց,հայ կեանքի մէջ հոգեւորականներու, սարկաւագներու եւ եկեղեցիի ծառայողներու ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ նշեց նաեւ,սեմինարին անհրաժեշտութիւնը,եւ սեմինարին,Գերմանահայ գաղութի եկեղեցիներու սպասաւորներուն համար գոնէ շաբաթավերջ մը միասին ըլլալու, միասին աղօթելու եւ նաեւ կրօնկագիտական-եկեղեցական հիմնական գիտելիքները զօրացնելու առիթ մը եւ հնարաւորութիւն մը ստեղծելու նպատակը:


Ընթրիքի ընդմիջումէն վերջ , սեմինարը շարուակեց Տոքթ.Ս.Ատամի "Բժիշկական Տեսանկիւնէն Մեծ Պահքը" վերնագրեալ բանախօսութիւնով,յետոյ, գիշերուան կանուխ ժամերուն վանքի մատուրի մէջ տեղի ունեցաւ "Երեկոյան Ժամերգութիւն":Սեմինարի Ա.օրը բակուեցաւ Պաւարիոյ Հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Տ.Այգիկ Յովաննիսեանի "Հայ ապաստանեալներ եւ Հայ. Եկեղեցին" անուն բանախօսութիւնով :Սեմինարի Բ.օրը բացուեցաւ Արաեւագալի արարողութիւնով, միասնական նախաճաշէ վերջ Տ.Տիրատուր Քհնյ. Սարդարեան բանախօսեց "Մկրտութեան Խորհուրդը,Նշանակութիւնը ,Անհրաժեշտութիւնը եւ Նախապատրաստութիւնը" անուն թէմայով.
Առաւոտեան կանուխ ժամերուն սեմինարի մասնակիցներուն միացաւ Առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Սերովբէ Վրդ.Իսախանեանը:Ան ներկայները ողջունելէ վերջ, փոխադրեց Առաջնորդ Սրբազանի ողջունի խօսքերը եւ յաջողութեան մաղթանքները:Առաջնորդական փոխանորդ վարդապետը դասախօսեց նաեւ "Սուրբ Մկրտութիւն եւ Սուրբ Դրոշմի Խորհուրդ" ի մասին:


Ցերեկուան ճաշի ընդմիջումէն վերջ սեմինարը շարունակեց,Սերովբէ Վրդ.ի "Սուրբ Պատարագի Խորհուրդը" անուն բանախօսութիւնով.
Յետ միջօրի ժամերուն, վանքի շուրջ եւ վանքի յարակից լիճի ափին բացօդեայ միասնական զբօսապտոյտի մը համար սեմինարի ընդմիջուեցաւ.


Զբօսապտոյտի ընդմիջումէ վերջ սեմինարը շարունակեց, Հիւսիսային Գերմանիոյ Համայնքներու հոգեւոր հովիւ Տ.Գնել Քհնյ.Գաբիէլեանի եւ Պաւարիոյ Հայ Համայնքներու հոգեւոր հովիւ Տ.Այգիկ Քհնյ.Յովաննիսեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբերու "Գործնական Գիտելիքներ եւ Վարժութիւններ" մասին աշխատանքներով եւ աւելի վերջ, Տէր Տիրատուր Սարդարեանի եւ Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի "Սարկաւագներու Համայնքներու Մէջ Ծառայութիւնները" մասին դասախօսութիւններով.
Դասապօսութիւննեևու աւարտին, միասնական ընթրիքի ընթացքին,Պենետիկդեան Մարիա Լաախ վանքի վանահայր Հայր Վիքթօր, բարի գալուստի եւ յաջողութեան մաղթանքի խօսքերով ողջունեց սեմինարի մասնակիցները:Ընթրիքէն վերջ վանքի եկեղեցւոյ մէջտեղի ունեաւ Տ.Սերովբէ Վրդ.Իսախանեանի նախագահութեամբ հոգեշունչ երեկոյան ժամերգութիւն մը:


Ժամերգութիւնէն ետք, քննարկուեցաւ "Գերմաիոյ մէջ Հայ Ապաստանեալներ եւ Հայ.Եկեղեցին" նիւթը եւ այպէսով բաակուեցաւ սեմինարի Բ.օրը:
Սեմինարի Գ.օրը սկսաւ Արեւագալի արարողութիւնով եւ շարունակեց հայ համայնքներու մէջ հայերէն լեզուի ,կրօնական-եկեղեցական դաստիրակութեան,երիտասարդական հարցեր, Սեմինարի վերաբերեալ եւ այլ նիւթերու մասին միտքի փոխանակումներով եւ առաջարկներով :Կեսօրուան ժամերուն Վանքի մայր տաճարի մէջ տեղի ունեցաւ հայածէս հոգեպարար եւ հոգեզմայլ սուրբ պատարագ,որուն նախագահեց Առաջնորդական փոխանորդ Տ.Սերովբէ Վրդ.Իսախանեան, պատարագիչն էր, Հարաւային Գերմանիոյ հոգեւոր հովիւ Տ.Տիրատուր Քհնյ.Սարդարեան, Սուրբ սեղանին սպասարկեցին Աւագ Սրկ.Արման Փիլիպօսեան,Սրկ.Սայատ Պօյաճը,Սրկ.Քրիստափոր Ֆուրունճեան,Սրկ.Հայկ Քօչարեան, երգեցողութիւն կատարուեցաւ Կօր Յարութիւնեանի մականի տակ ներկայ տէրհայրերու,սարկաւագներու,կիսսարկաւագներու եւ դպիրներու կողմէ.
Սեմինարը հասաւ իր աւարտին ,Թ.Խ անդամ Տոքթ.Սարգիս Ատամի սեմինարի մասնակիցներու ուղեալ շնորհաւորական, վերադարձի բարի ճանապարհի եւ նաեւ շնորհակալական խօսքերով.Հարկ է նաեւ նշել որ, այս սեմինարը ,Գերմանահայոց Առաջնորդութեան կողմէ կազմակերպուած Բ.սեմինարն է, իսկ առաջինը տեղի ունեցած էր Փետրուար 2005 թուականին:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ

Hyetert





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+