22 Şubat 2015
Նախագահութեամբ, Գերմանիոյ Հայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Գարեգին Արք. Պեքճեանի փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ.Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի թեմական խորհուրդի, 27Փետրուար-1 Մարտ 2015 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ դպիրներու,
կիսասարկաւագներու եւ սարկաւագներու աւանդական Բ.սեմինար-հանդիպումը` Գերմանիոյ Քօպլէնց քաղաքի մօտ Մարիա Լաախ Պենետիկթեաան վանքի հիւրընկալութեամբ եւ թեմիս հոգեւորական դասու, դպիր, կիսասարկաւագ,սարկաւագներու մասնակցութեամբ:
Ինչպէս որ նախորդ սեմինարը, մասնակիցներուն առիթ ընծայէց, շաբաթավերջ մը միասին ըլլալ, միասին աղօթել եւ դասխօսութիւններու հետեւելով իրենց կրօնա-եկեղեցական գիտելիքները զօրացնել,նոյն առիթը պիտի ընծայէ այս սեմինար-հանդիպումը:
Սեմինարի աւարտին Կիրակի 1Մարտ 2015 թուականին ժամը 12.օօ - ին Գերմանիոյ Քօպլէնց քաղաքի մօտ Մարիա Լաախ Պենետիկթեան վանքի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հայածէս Սուրբ Պատարագ:Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի սեմինարի մասնակից դպիր,կիսասարկաւագ եւ սարկաւագներու կողմէ.
Սուրբ պատարագին սիրով կը հրաւիրուին եկեղեցասէր ժողովուրդը.
Hyetert