Անցեալի Քարուղիներէն՝ Յուշ Մը 20-Ամեայ Մկրտիչ Փորթուգալեանէն - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

29 Ocak 2015  

Անցեալի Քարուղիներէն՝ Յուշ Մը 20-Ամեայ Մկրտիչ Փորթուգալեանէն -

Անցեալի Քարուղիներէն՝ Յուշ Մը 20-Ամեայ Մկրտիչ Փորթուգալեանէն Անցեալի Քարուղիներէն՝ Յուշ Մը 20-Ամեայ Մկրտիչ Փորթուգալեանէն

Յօդուածներ եւ Հարցազրոյցներ
*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*
«էյ վա~հ, զէվալլը Էրմէնի միլլեթին իշի չօճուգլարա գալմըշ …»

Եպարքոս Ալի փաշա
1868-69 թուականներուն էր երբ Հայաստանի հարստահարութիւնները հասած էին ծայրայեղ պայմաններու։ Բացի սովորական գողութիւններէն եւ մարդասպանութիւններէն, քիւրտեր եւ թուրքեր հայոց կրօնական սրբութիւնները կը պղծէին, ինչպէս Ս. Հաղորդութեան սկիհը, օրինակ տալու համար, շան մը վիզէն կախելով թաղ-թաղ կը պտտցնէին եւ առակ նշաւակի կ’ընէին։
Մահզեր մահզերի վրայ կը տեղար Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանի մէկ կողմէն միւսը։ Պոլսոյ տեղական թերթերը «Մանզումէ», «Մասիս» եւայլն, ամէն օր լուրեր եւ յօդուածներ կը հրապարակէին։ Ժողովուրդը յուզումով կը դիմաւորէր իրենց հայրենակիցներուն նկատմամբ եղած այս եղեռնագործութիւնն ու իրենց հաւատքին հանդէպ կատարուած սրբապղծութիւնը։
Օրուան Պատրիարք, Պօղոս Արք. Թաքթաքեան (որուն գերեզմանը կը գտնուի Իզմիրի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին դրան մօտ), թէեւ թաքրիրներով (հաղորդագրութիւններով) կը բողոքէր, եւ միւս կողմէ Ներսէս Վարժապետեան Սրբազան` Կրօնական Ժողովի ատենապետը, յաճախ Բ. (Բարձրագոյն – վարչապետարան) Դուռ կ’երթար պատրիարքարանին կողմէ բողոքը յայտնելու։ Բայց ի զուր։

Կ. Պոլսոյ երիտասարդութիւնը կ’որոշէ 1869ի Յունուար 6ի առաւօտուն՝ Ս. Պատարագի ընթացքին յիշել չտալ Պատրիարքին անունը։ Առաջին ցոյցն էր, որ տեղի պիտի ունենար Կ. Պոլսոյ մէջ ընդդէմ Բ. Դրան։ Եւ իրապէս ալ Ս. Ծննդեան առտուն, Պատարագի ընթացքին «եւս առաւել» շարականի ժամանակ երբ Պատրիարքին անունին յիշատակութիւնը պիտի ըլլար, ժողովուրդին մէջ բողոքի ձայներ կը բարձրանան եւ «չի յիշուի» կը սկսին պոռալ: Պահ մը եկեղեցին կը խանգարուի. նոյնը կը կրկնուի ինչպէս Խասգիւղ, նոյնպէս` Պալաթ, Բերա, Մայր Եկեղեցի եւ այլ եկեղեցիներու մէջ։
Ժողովուրդը խուռներամ կը քալէ Բ. Դուռ եւ աղերսագիր մը կը յանձնէ Եպարքոս Ալի փաշային, որ լուր կը ղրկէ, թէ իրենց մէջէն երկու հոգի ընտրեն խօսելու համար։ Ժողովուրդը կ’ընտրէ երկու անձերը` իզմիրցի Յարութիւն Փափազեան (գրաշար աւետարանական մը) եւ 20ամեայ Մկրտիչ Փորթուգալեանը։ Այս երկուքը կ’առաջնորդուին Եպարքոսին մօտ։ Ալի փաշան, որուն հասակը աւելի բարձր չէր, ի տես այս երկու կարճահասակ պատգամաւորներուն կ’ըսէ. «Էյ վա~հ, զեվալլը Էրմէնի միլլեթին իշի չօճուգլարա գալմըշ …»։ (Է~ վայ, խեղճ հայ ժողովուրդին գործը երախաներուն մնացած է …)։
Անշուշտ վարչապետը այդ պահուն չէր կրնար մտքէն անցնել, թէ այդ երկու չօճուխներէն մին՝ Մկրտիչ Փորթուգալեան, քանի մը տարի յետոյ առաջին յեղափոխական շարժումին երեք Մկրտիչներէն (Խրիմեանի ու Աւետիսեան հետ) մին ըլլալով, ազգային յեղափոխական շարժումը` Արմենական կազմակերպութիւնը պիտի սկսէր Վանի մէջ, դառնալով անոր դայեակներէն մին։
Փորթուգալեանի պատրաստած սերունդը պիտի գար Հայկական Լեռնաշխարհի վրայ աւետելու ազգային ազատագրական պայքարը։ Պիտի գար մարտնչելու յանուն ազատութեան եւ Հայրենիքի փրկութեան։
Քսանամեայ այդ երիտասարդը իր բոցավառ շունչով կրցաւ փոխանցել ազատութեան գաղափարը Շիկահերներու, Թէրլէմէզեաններու, Սեպուհներու, Նաթանեաններու, Տըրպէներու, Եկարեաններու եւ Դարբինեաններու, որոնք եղան իսկական մեր յեղափոխականներն ու ազատամարտիկները։ Անոնք դարձան բարի օրինակ՝ աւելի ուշ հրապարակ եկող այլ յեղափոխական շարժումներուն։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+