Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի Նոր Գիրքը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

18 Ocak 2015  

Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի Նոր Գիրքը -

Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի Նոր Գիրքը «ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ»

Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի Նոր Գիրքը «ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ»
Լոյս տեսաւ ու ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրուեցաւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի « Յուշատետր » սիւնակէն « Պտոյտ Մր Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» շարքի 6րդ հատորը։ Այս հատորն ալ կ`ընդգրկէ շարքին 406րդ յօդուածէն մինչեւ 488րդ յօդուածը։ Հատորը տպուած է Արի Հատտէճեանի կողմէ պատրաստուած շատ գեղեցիկ կողքով մը։ Ըստ թուագրական կարգի, այս հատորը կը դառնայ « Յուշատետր » շարքի 83րդ հատորը։
Ինչպէս « Յուշատետր »ի մեր հաւատարիմ ընթերցողները նշմարած են արդէն, բառարաններու մէջ կատարուած պտոյտներու այս շարքը հեղինակին կողմէ գրի կ`առնուի ոչ թէ որպէս դասագիրք կամ ուսուցման միջոց, այլ պարզապէս որպէս հաճելի պտոյտ մը մեր լեզուի անսահման գեղեցկութիւններուն ու հարստութիւններուն մէջ։ Մայր նպատակն է ընթերցողին հետ միասնաբար նոր գիւտեր ընել մեր լեզուին հորիզոններէն ներս, բանալ մեր լեզուին խորհուրդներէն նոր ծալքեր, որոնք աննշմար մնացած են շատերու, առաւել եւս սիրել մեր լեզուն։
« Եկէք մեզի հետ, սիրելի ընթերցողներ » կ`ըսէ հեղինակը այս վեցերորդ հատորին նախաբանին մէջ։ Որքան ալ հաճելի ըլլայ պտոյտը, որքան ալ խանդավառութիւններ ստեղծուին նոր հորիզոններով, կայ նաեւ տխրութիւնը տեսնելու թէ մեր լեզուն շատ կþանտեսուի իր տէրերուն մեծամասնութեանը կողմէ։ Բայց այդ չէ որ պիտի խրտչեցնէ մեզ։
« Եթէ երբեմն մեր սիրտը կը ցաւի տեսնելով որ այսօրուան դժբախտ պայմաններուն մէջ աշխարհի զանազան կէտերուն վրայ կան Հայ մարդիկ որոնք իրենց մայրենի լեզուն չեն գիտեր, ատոր փոխարէն մեր սիրտը հպարտօրէն կը զգայ որ այս վեհապանծ լեզուն անմահ է եւ անոր ապագան ալ այնքան փառաւոր պիտի ըլլայ որքան փառաւոր եղած է անոր անցեալը » կը գրէ հեղինակը իր նախաբանին մէջ։
Յայտնենք նաեւ թէ ցարդ հրատարակուած յօդուածներով ամբողջացած է նաեւ եօթներորդ հատորը, որ գիրքի ձեւով հրապարակ պիտի հանուի մօտիկ ապագային։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+