18 Ağustos 2013
Խոր ցաւով վերահասու եղանք թէ շատ երիտասարդ տարիքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի սիրուած համակրելի երիտասարդուհիներէն Դալար Էսէնէր Էսքիճեան: Կը յայտնենք ամուսնոյն զաւակներուն անմխիթար ծնողներուն եւ ամբողջ ընկերային շրջանակին.
Մեր կեանքի Տէրն ու ՓՐԿԻՉԸ իր անխառն ուրախութեան եւ յաւիտենական կեանքին արժանացնէ հանգուցեալը եւ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը շնորհէ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: