Հայ տպագրութեան 500-ամեակի ցուցահանդէս Վիեննայի մէջ - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Gündem :

06 Aralık 2012  

Հայ տպագրութեան 500-ամեակի ցուցահանդէս Վիեննայի մէջ -

Հայ տպագրութեան 500-ամեակի ցուցահանդէս Վիեննայի մէջ Հայ տպագրութեան 500-ամեակի ցուցահանդէս Վիեննայի մէջ

Վիեննայի Մխիթարեան վանքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ հայ տպագրութեան 500-ամեակի, Վիեննայի մխիթարեան տպարանի 200-ամեակի եւ Ունեսքոյի կողմէ Երեւանը որպէս միջազգային գրքի մայրաքաղաք հռչակուելու առիթով, հայ հնատիպ գրքերու յաջող ցուցահանդէս, Նոյեմբեր 22-ին, Մխիթարեան վանքի մէջ:

Ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ ժամը 18:00-ին, եկեղեցւոյ մէջ, որ ծայրէ ծայր լեցուած էր՝ բացի նստարաններէն գրաւելով նաեւ բոլոր յաւելեալ աթոռները: Ներկայ էին Աւստրիական կառավարութեան, նախարարութիւններու, խորհրդարանի, քաղաքապետարանի եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ, արտասահմանեան 27 պետութիւններու դիւանագէտներ, մեծ մասով յանձինս իրենց դեսպաններուն, եւ հայ գաղութէն կարեւոր անձնաւորութիւններ:
Իր բացման խօսքին մէջ գերմաներէն լեզուով աբբահայրը՝ Հ. Պօղոս Գոճանեան՝ ողջունելէ վերջ պետութեան ներկայացուցիչները, մասնաւոր ուրախութեամբ իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ներկայ 27 պետութիւններու դիւանագէտներուն՝ յանձին Վատիկանի դեսպան-նուիրակ Պետեր Ստեֆան Արքեպ. Ցուրբրիգէնի՝ կարդալով նաեւ 27 ներկայացուած երկիրներու անունները: Յետոյ պատմականը ըրաւ հայ տպագրութեան: Յիշեց, որ հայերէն առաջին գիրքը տպուեցաւ 500 տարի առաջ, բայց ո՛չ Հայաստանի մէջ, ինչը բնական պիտի ըլլար, այլ օտարութեան մէջ, Վենետիկ: Եւ աւելցուց. Հայ ժողովուրդի մշակութային եւ յատկապէս տպագրական վաստակը գնահատելու համար, անհրաժեշտ է գոնէ որոշ գաղափար ունենալ անոր պատմութենէն: Յիշեց, որ 11.րդ դարուն արդէն հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր պետականութիւնը Հայատանի մէջ եւ 14.րդ դարուն ալ՝ Կիլիկիայի մէջ, եւ այնուհետեւ գրեթէ 600 տարի մնաց ան առանց պետականութեան: Եւ ա՛յդ պայմաններու մէջ, առանց պետական հովանաւորութեան, միայն անհատներու նախաձեռնութեամբ եւ անհատական միջոցներով հայը ձեռնարկեց ու գլուխ հանեց տպագրական իր գործունէութիւնը: Աւելի՛ն. Հայերը առաջինը եղան, որ մերձաւոր եւ միջին արեւելքի մէջ տպարան բացին: Պոլսոյ մէջ առաջին հայերէն գիրքը տպուեցաւ արդէն 1567-ին, մինչ առաջին թրքերէն գիրքը՝ միայն 1729-ին: Պարսկաստանի մէջ առաջին հայերէն գիրքը լոյս տեսաւ 1641-ին, մինչ պարսկերէն առաջին գիրքը՝ 1830-ին: Նաեւ Եւրոպայի մէջ հայերը աւելի առաջ ձեռնարկեցին տպագրական աշխատանքի, քան որոշ արեւելեան երկիրներ:
Այնուհետեւ աբբահայրը ներկայացուց առանձին առանձին ԺԶ., ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու հայ տպագրական գործունէութիւնը, տուաւ լոյս տեսած գրքերու քանակը՝ ԺԶ. դարուն 17, ԺԷ. դարուն 161, ԺԸ. դարուն 917 եւ անունով յիշեց անոնց մէջ տպագրուած կարեւոր գործերը: Նոյնպէս պատմականը ըրաւ տպարաններուն, նշելով անոնց սկզբնաւորութեան թուականները իւրաքանչիւր երկրի մէջ, եւ շեշտեց, որ տպագրութեան առաջին երեք դարերուն, միայն Պոլսոյ մէջ, գործած է 28 տպարան, թէեւ ոմանք շատ կարճ ժամանակ:
Աբբահայրը խօսեցաւ նաեւ Վիեննայի մխիթարեան տպարանի մասին անոր 200-ամեակի առիթով, հոգ չէ թէ 14 տարի առաջ Միաբանութիւնը ստիպուեցաւ -ծանր տնտեսական վնասի պատճառով- այն փակել: Պատմեց, որ Մխիթարեան հայրերը Վիեննա հաստատուեցան 1811-ին եւ յաջորդ տարին արդէն լոյս տեսաւ իրենց տպարանէն առաջին գիրքը: Տպարանը ըլլալով բազմալեզու եւ ունենալով բարձր որակի արտադրութիւն, սկզբէն մեծ յաջողութիւն ունեցաւ, բացի հայերէն հրատարակութիւններէ, շատ պատուէրներ ստացաւ կառավարութենէն՝ կայսրութեան զանազան ազգերու լեզուներով: 1818-ին այստեղ լոյս տեսաւ սերպերէն-գերմաներէն- լատիներէն բառարանը, յետոյ սերպերէն առաջին Աստուածաշունչը եւ այլ բազմաթիւ գործեր սլաւական տարբեր լեզուներով: Այստեղ տպուեցաւ գերմաներէն-ճափոներէն առաջին բառարանը, տպուեցան նոյնիսկ հունգարական դրամանիշներ, վերջապէս այս տպարանէն 1898-ին լոյս տեսաւ պատարագի աղօթք մը (Որ օրհնես զայնոսիկ) 50 լեզուներով, որոնց մէջ նաեւ սանսկրիտը (հին հնդկերէն) եւ չինարէնը:
Երկրորդ բանախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ անգլերէնով օտար դիւանագէտներուն ներկայացուց Մխիթարեան Միաբանութիւնը որպէս «հայ մշակոյթի ամենակարեւոր կենդրոններէն մէկը» եւ որպէս կամուրջ Աւստրիայի եւ Հայաստանի միջեւ: Այդ կապակցութեամբ յիշեց Հայաստանի դեսպանութեան հաստատումը Վիեննայի մէջ 20 տարի առաջ, Աւստրիայի նախագահի այցը Հայաստան այս ամառ եւ Հայաստանի նախագահին կատարելիք այցը եկող տարի:
Երրորդ բանախօսը աւստրիացի հայագէտ Եասմին Տում Դրակութ անգլերէնով ներկայացուց հայ տպագրութեան պատմութիւնը գերմաներէն չհասկցող ներկաներուն համար: Յիշեց, որ Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն վերջ, օսմանեան եւ պարսկական երկարատեւ պատերազմներուն հետեւանքով Հայաստանը աւերակ դարձաւ, մշակոյթի կենդրոնները՝ վանքերը քանդուեցան եւ ձեռագրական աշխատանքը գրեթէ դադրեցաւ: Ճիշդ այդ ժամանակ, ԺԶ. դարու սկիզբը, տպագրական հրատարակութիւնը եկաւ փոխարինելու ձեռագիրները: Խօսեցաւ առանձին առանձին երեք դարերու տպագրական գործունէութեան մասին եւ շեշտեց մասնաւորաբար ԺԸ. դարուն Պոլսոյ կարեւոր դերը հրատարակչական մարզի մէջ:
Բանախօսութիւններէն վերջ «Բխիեան» լարային քառեակի եւ ռուսական անունով հայ երգչուհի Էկա Հորստկայի մատուցած Կոմիտասի, Ասլամազեանի եւ միջնադարեան հայ երգերով շատ հաճելի պահեր ապրեցան ներկաները: Քառեակը, որ կը կազմեն Կրաց քաղաքի արուեստի համալսարանի ուսանողներ՝ Մարինա Բխիեան, Գայիանէ Միրզոյեան, ուքրանացի Միխայլօ Սախարով եւ սերպ Միլան Քարանովիչ, արժանացած է միջազգային գնահատանքի:
Բացման հանդիսութենէն վերջ ժողովուրդը առաջնորդուեցաւ վանքի բարձրագոյն յարկը դիտելու ցուցահանդէսը՝ պատրաստուած ընտիր հնատիպ հրատարակութիւններով թանգարանի վերջին սրահին մէջ:
Այնուհետեւ ներկաները հրաւիրուեցան ընդունելութեան մը, վանքի շքեղ ճաշասրահին մէջ, հայկական եւ եւրոպական համադամներով:

Հաղորդագրութիւն Վիեննայէն

Երկրորդ բանախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ անգլերէնով օտար դիւանագէտներուն ներկայացուց Մխիթարեան Միաբանութիւնը որպէս «հայ մշակոյթի ամենակարեւոր կենդրոններէն մէկը» եւ որպէս կամուրջ Հայաստանի եւ Աւստրիայի միջեւ:
Այդ կապակցութեամբ յիշեց Հայաստանի դեսպանութեան հաստատումը Վիեննայի մէջ 20 տարի առաջ, Աւստրիայի նախագահի այցը Հայաստան այս ամառ եւ Հայաստանի նախագահին կատարելիք այցը եկող տարի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+