15 Kasım 2011
ԱՄՆ Քոնկրէսը հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ 111 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ սպառազինութիւն վաճառելու մասին գործարքին:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն՝ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ սպառազինութիւն վաճառելու նպատակով համապատասխան թոյլտւութիւն ստանալու համար Հոկտեմբեր 28ին պաշտօնապէս դիմած էր Քոնկրէսին:
Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` ամերիկեան կողմը Թուրքիոյ պիտի վաճառէ նաեւ մարտական երեք “սուփըր Քոպրա” ուղղաթիռներ:
Յիշեցնենք, որ ամերիկացի խումբ մը օրէնսդիրներ նախապէս Քոնգրէս ներկայացուցած էին բանաձեւ, ըստ որուն կոչ կ’ուղղէին Ուաշինկթընին՝ դադրեցնել զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ:
Քոնկրէսականներ Հոուըրտ Պերմանի, Նիթա Լոուէյի Էլիոթ Էնճըլի, Պրէտ Շերմէնի, Սթիւ Իսրայէլի, Շելլի Պըրքլիի եւ Ատըմ Շիֆի կողմէ ներկայացուած թիւ 83 բանաձեւին մէջ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ’ուղղուէր կասեցնելու Թուրքիոյ 111 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ սպառազինութեան վաճառքի մասին գործարքը:
Քոնկրէսականները` իբրեւ իրենց կոչը հիմնաւորող փաստարկ, նշած են Թուրքիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներ համարուող Իսրայէլի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի նկատմամբ ցուցաբերուող բացասական վերաբերմունքին առնչութեամբ ունեցած լուրջ մտահոգութիւնները:
“Թուրքիան կը շարունակէ սպառնալ Իսրայէլին, շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը, կը շարունակուի Կիպրոսի թրքական գրաւումը: Անգարան, որ մեր դաշնակիցն է, միեւնոյն ժամանակ բացասական դիրքորոշմամբ հանդէս կու գայ մեր բարեկամներու եւ դաշնակիցներու դէմ: Միացեալ Նահանգները Թուրքիային զէնք վաճառելու փոխարէն պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ այդ լուրջ մտահոգութիւններուն”,– կը նշուէր ամերիկացի օրնեսդիրներու` Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին ներկայացուած բանաձեւին մէջ: