10 Kasım 2011
Այկիկենդօ քարաթէի Հայաստանի հաւաքականը օրերս վերադարձած է Հոկտեմբեր 25-31 Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ հանրապետութեան մէջ կայացած Եւրոպայի թեքուանտոյի առաջնութեան մրցոյթէն: Մեր մարզիկները փայլուն հանդէս եկած են:
Մինչեւ 18 տարեկաններու այս առաջնութեան 14-15 տարեկաններու մրցոյթին առաջին տեղը զբաղեցուցած է Անդրանիկ Եախսզեան, 12-13 տարեկաններու մրցոյթին յաղթած է Էդուին Աւագեան, 10-11 տարեկաններու կարգին երկրորդ տեղը նուաճած է Սմբատ Սիրաւեան: Սակայն ամենահետաքրքրական ու յիշարժանը եղած է 16-17 տարեկաններու մրցոյթը, ուր Մարտին Այվազեան յամառ պայքարին պարտութեան մատնած է ատրպէյճանցի Մուհերեմ Հասանովը եւ պատուոյ հարթակին բարձր ծածանած հայոց եռագոյնը: Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ Մարտին կիսաեզրափակիչին հանդիպած է Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ բնակող թուրք մարզիկին եւ յաղթած անոր:
«Մեր յաջողութիւնները հաւաքական ուժի վառ դրսեւորում են: Յառաջիկային` Դեկտեմբեր 2-13-ը, պիտի մասնակցինք Գերմանիոյ մէջ կայանալիք Քոնթակտային մենամարտերու Եւրոպայի առաջնութեան, ուր, կարծեմ, նոյնպէս յաջողութիւններ կ`ունենանք»,- ըսած է Այկիկենդօ քարաթէի հայաստանեան դառնութեան նախագահ Դաւիթ Աթանէսեան: