Այլեւայլ : Ուրցով Թէյին Բուժիչ Յատկանիշները
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : Ուրցով Թէյին Բուժիչ Յատկանիշները

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

11 Aralık 2017  

Ուրցով Թէյին Բուժիչ Յատկանիշները



Ուրցը իւրայատուկ բոյս է, որ մարդկութեան յայտնի է հին ժամանակներէն: Անիկա ունի հաճելի համ եւ բուժիչ յատկանիշներ:

Ուրցը ունի մանրէասպան, ցաւազրկող, պրոնխները լայնացնող յատկանիշներ։ Անիկա արագ կը վերականգնէ վնասուածքները, մարմնէն դուրս կը հանէ որդերը: Ուրցը նաեւ կը կարգաւորէ նիւթափոխանակութիւնը, որ չափազանց կարեւոր է անոնց համար, որոնք կը հետեւին իրենց կշիռքին:

Ուրցի չորցած ծաղիկներով թէյը խորհուրդ կը տրուի անոնց, որոնք կը տառապին անքնութենէ: Ուրցով թէյը նաեւ կը հանգստացնէ ռոմաթիզմի եւ արթրիտի ժամանակ յառաջացած ցաւերը: Այս բոյսը կ՝օգտագործուի թոքային շարք մը հիւանդութիւններու պարագային, օրինակ` ազթմա, պրոնխիտ եւ այլն:

Ուրցով ըմպելիքներ

Քառորդ գաւաթ ջուրին աւելցուցէք 1 թէյի դգալ չորցուած ուրց: Եռացուցէք եւ ձգեցէք հանգչի 10 վայրկեան: Լեցուցէք գաւաթի մէջ, աւելցուցէք եռացացած ջուր եւ 5-7 վայրկեան եւս ձգեցէք մնայ, ապա՝ քամեցէք ու վայելեցէք համեղ թէյը։

Ուրցը, սակայն, խորհուրդ չի տրուիր, ստամոքսի խոց, կազ, վահանագեղձի խնդիր, շաքարախտ ունեցող մարդոց: Յղիներուն եւ փոքրիկներուն խորհուրդ կը տրուի հարցնել բժիշկի կարծիքը:


+