Փութին Փաշինեանին Կ՛առաջարկէ «Հայաստանի Ժողովուրդին Ընտրելու Կարելիութիւն Տալ Եւրոպական Միութեան - Հայերէն
08 Eylül 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Միհր / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

02 Eylül 2026  

Փութին Փաշինեանին Կ՛առաջարկէ «Հայաստանի Ժողովուրդին Ընտրելու Կարելիութիւն Տալ Եւրոպական Միութեան -

Փութին Փաշինեանին Կ՛առաջարկէ  «Հայաստանի Ժողովուրդին Ընտրելու Կարելիութիւն Տալ  Եւրոպական Միութեան Փութին Փաշինեանին Կ՛առաջարկէ «Հայաստանի Ժողովուրդին Ընտրելու Կարելիութիւն Տալ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցով»

1 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Պիշքեքի մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին Փութին ըսաւ, որ Հայաստանի ձգտումը` դէպի Եւրոպական Միութիւն, երկրի օրինական իրաւունքն է, սակայն այս մէկը բարդութիւններ կը ստեղծէ, նաեւ` Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալուն: «Որքան շուտ Հայաստանը կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, այնքան լաւ: Մոսկուայի մէջ պէտք է հասկնանք` ինչպէ՛ս զարգացնել հետագայ յարաբերութիւնները», նշեց ան:

Անդրադառնալով մէկուկէս տարի առաջ Հայաստանի Ազգային ժողովին ընդունած օրէնքին, որ կ՛ազդարարէ Երեւանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկը, Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի` այլ կազմակերպութեան անդամակցելու գործընթացին սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը արդէն կը նշանակէ գործող կազմակերպութենէն դուրս գալու յայտարարութիւն:

Վ. Փութին անգամ մը եւս առաջարկեց` «Հայաստանի ժողովուրդին կարելիութիւն տալ ընտրելու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, մարդոց հարցնելու, թէ ի՞նչ կ՛ուզեն»:

Ասոր զուգահեռ, Ռուսիոյ նախագահը շեշտեց, որ Ռուսիան Հայաստանի հիմնական տնտեսական գործընկերն է, տարեսկիզբէն մինչեւ օրս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է 2,5 միլիառ տոլար:

«Ռուսիան միշտ հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ բարեկամական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման օգտին, ինչ որ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն հիմնարար շահերուն», նշեց ան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին յայտարարեց. «ԵԱՏՄ կարգաւորումներով որեւէ երկրի կազմակերպութիւնից դուրս թողնելու գործիքակազմ չկայ: Դրա համար պետութիւնն ինքը առնուազն վեց ամիս առաջ պէտք է ծանուցի կազմակերպութեանը: Մենք նման ծանուցում չենք փոխանցել ԵԱՏՄ-ին: Իրավիճակին պէտք է նայել այդ ելակէտից»:

Ան դիտել տուաւ, որ Երեւանի համար կարեւոր է ունենալ այլընտրանքներ, ինչ որ` «մեր օրինական իրաւունքն է: Բայց դա չի նշանակում, որ մենք դժգոհ ենք ԵԱՏՄ-ից` չնայած այնտեղ կան խնդիրներ»:

Փաշինեան պնդեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան օրէնքի ընդունումով Հայաստան չէ խախտած ԵԱՏՄ-ի մէջ որեւէ պարտաւորութիւն. «Այդ հարցն այնքան չի հասունացել, որ դրուի ժողովրդական հանրաքուէի, մենք այդ օրէնքն ընդունել ենք, որպէսզի հանրաքուէ չանցկացնենք»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+