Յակոբ Պարոնեանի Արձանը՝ Շիշլիի Գերեզմանատան Մէջ - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

08 Ekim 2019  

Յակոբ Պարոնեանի Արձանը՝ Շիշլիի Գերեզմանատան Մէջ -

Յակոբ Պարոնեանի Արձանը՝ Շիշլիի Գերեզմանատան Մէջ Յակոբ Պարոնեանի Արձանը՝ Շիշլիի Գերեզմանատան Մէջ

Յակոբ Պարոնեանի Արձանը՝ Շիշլիի Գերեզմանատան Մէջ

Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, շաբաթավերջին, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ, յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, առիթ դառնալով մեծ խանդավարութեան։ Արձանը ձեռակերտն է յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի։

Մշակութային այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Հայր Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն եւ գերեզմանատան յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ իր գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ՝ կրթական մշակներ ու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը։
Բացման արարողութիւնը սկիզբ առաւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։ Տեղապահ սրբազան հօր գլխաւորած թափօրը, մուտքէն ուղղուեցաւ դէպի գերեզմանատան հրապարակը, ուր կը գտնուէր Յակոբ Պարոնեանի նորակերտ արձանը։ Այնուհետեւ, կատարուած հանգստեան արարողութեան աւարտին վերցուեցաւ արձանի քօղը եւ ներկաներ տեսան հսկայ արձանը։ Արձանի առջեւ կը գտնուէր նաեւ մարմար մը, որուն վրայ քանդակուած էր Տքթ. Իգնա Սարըասլանի, Պարոնեանի ձօնած յիշատակի գրութիւնը։

Հոգեւոր արարողութեան աւարտին, Կեդրոնական վարժարանի պատրաստած կոկիկ յայտագիրը գործադրուեցաւ։ Վարժարանի ուսուցիչներէն Տիանա Պուլտուք ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն Յակոբ Պարոնեանի կենսագրութիւնն ու խօսքերը։ Ապա, իր խօսքը ուղղեց յայտնի արուեստագէտ Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ ներկայացուց Պարոնեանի երգիծական ոճը ու հանդէս եկաւ «Քաղաքավարութեան վնասները» գործէն հատուածով մը։ Ներկաներ զուարճանալով հետեւեցան սոյն բաժնին։ Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ արձանի բարերար Սարգիս Քիւլէկէչ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու մաղթեց, որ Յակոբ Պարոնեանի յիշատակը միշտ վառ մնայ մեր ժողովուրդին մէջ։

Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց ու ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց տեղապահ սրբազան հայրը։ Այս առթիւ ան յիշեցուց, թէ նման անձերը ժողովուրդով իմաստ շահած են։ Սրբազան հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Պարոնեան, հայոց գրականութեան թափ ստացած Զարթօնքի շրջանի գրողներէն է եւ ապրումներն ու տեսածները ներշնչած են զինք։ Իր գլխաւոր գործը եղած է. դիտել, քննել եւ ուղղել։ Ան լաւը գնահատած է, իսկ տեսած թերութիւնները երգիծանքը օգտագործելով քննադատած է։ Ընդհանրապէս իր շրջանի մարդիկը շատ ալ չեն հանդուրժած նման ոճի մը, բայց իր յաջորդները մեծ հիացումով ու զուարճանալով ընթերցած են իր գործերը։ Մենք մեր արժէքները, միշտ մեր աչքերուն առջեւ պէտք է ունենանք, որպէսզի չմոռնանք զանոնք։ Այսուհետեւ, Պարոնեանի արձանը տեւաբար պիտի յիշեցնէ իր ներկայութիւնը եւ այցելուներ այստեղ պիտի յիշեն Պարոնեանի երգիծանքը»։

Սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ թելադրեց կարդալ Պարոնեանի երկերը եւ խնդալով սորվիլ իրենց մշակոյթը։ Այս առթիւ շնորհաւորեց զանոնք, ինչպէս նաեւ գնահատեց բարերար Սարգիս Քիւլէկէչը եւ Էրօլ Սարաֆեանը։

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ հրուշակ, որուն վրայ զետեղուած էին Պարոնեանի նկարն ու խօսքերէն ոմանք։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+