Մահ՝ Կարօ Տէյիրմենճեանի - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

16 Ekim 2018  

Մահ՝ Կարօ Տէյիրմենճեանի -

Մահ՝ Կարօ Տէյիրմենճեանի Մահ՝ Կարօ Տէյիրմենճեանի

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Կարօ Տէյիրմենճեան։ Դժբախտաբար, մահը վրայ հասած է գետնուղիի մէջ ճամբորդելու ժամանակ եւ ան անմիջապէս փոխադրուած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցը, ուր կատարուած միջամտութիւնները մնացած են ապարդիւն։ Առաւօտուն սովորական կեանքով տունէն դուրս եկած Կարօ Տէյիրմենճեանի այս անակնկալ կորուստը խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքը։

Յարգանքի ու համակրանքի առարկայ անձնաւորութիւն մը ըլլալու առընթեր Կարօ Տէյիրմենճեան մեր համայնքի եզակի անձնաւորութիւններէն մին էր։ Շուրջ եօթանասուն տարեկան հասակին, քիչ մըն ալ անժամանակ ան հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ՝ իր ետին թողլով բարի անուն մը, քաղցր յիշատակ մը։ 1946 թուականին ծնած էր Թարլապաշըի մէջ։ Կարօ Տէյիրմենճեան որդին էր Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ երբեմնի բազմամեայ ու բազմավաստակ երաժըշ-տապետ լուսահոգի Վռամշապուհ Տէյիրմենճեանի։ Աշակերտած էր Սաքըզաղաճըի Մխիթարեան վարժարանը։ Աւելի վերջ յաճախած էր Սեն Միշել ֆրանսական վարժարանը։ Բաւական կանուխ նետուած էր կեանքի պայքարի։ Որպէս հաշուապահ աշխատած էր առեւտրական զանազան յառաջատար ընկերութիւններու մէջ։ Արհեստավարժ աշխատանքին զուգահեռ Կարօ Տէյիրմենճեան իսկապէս բազմակողմանի անձնաւորութիւն մըն էր։

Անոնք, որոնք մօտէն կը ճանչնային զինքը, գիտեն, թէ ունէր հարուստ ներաշխարհ մը եւ ըստ այդմ տարիներու ընթացքին բաւական ընտելացած էր՝ նախ որպէս ժամանց իւրացուցած զբաղումներուն մէջ։ Իր համբերատար եւ արտադրող բնաւորութեան զուգահեռ՝ Կարօ Տէյիրմենճեան կը մշակէր փայտեր եւ ատաղձներ ու նուրբ ճաշակով կահագործ մըն էր։ Կը կառուցէր բազմաթիւ կարասիներ, որոնք կ՚օգտագործուէին իր տան եւ աշխատանոցին մէջ։ Անոնցմէ բաժին կը վիճակէր նաեւ բարեկամներուն համար։

Իսկական գրասէր մըն էր, ունէր ճոխ գրադարան մը, զանազան պարբերականներու հաւաքածոներով հանդերձ։ Այդ գրադարանը իր խոկումի միջավայրն էր։

Կարօ Տէյիրմենճեան, միեւնոյն ժամանակ, ծովու սիրահար մըն էր։ Գնալը կղզիի մէջ համբաւ ձեռք բերած էր՝ որպէս քափթան։ Գրեթէ մասնագիտական աստիճանի տեղեկութիւն ունէր նաւակներու եւ մակոյկներու մասին։ Ամէն տարի իր նաւակը կը խնամէր ու ծով կ՚իջեցնէր մեծ եռանդով։

Համայնքային կեանքէ ներս ունեցած էր անշահախնդիր ծառայութիւն։ Մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակներէն մին էր։ Եկեղեցասիրութիւնը ժառանգած էր իր հօրմէ։ Անդամակցած էր Պէյօղլուի Ասողիկ եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբերուն։ Կեանքի մինչեւ վերջը շարունակած էր եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ ամէն կիրակի շապիկ կը հագուէր Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Կարօ Տէյիրմենճեան տասնամեակներ շարունակ մաս կազմած էր նաեւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնին։ Իր փորձառութեամբ միշտ կ՚ըլլար օգտակար։ Իր նպաստը չէր սահմանափակուեր փորձառութիւնով, որովհետեւ իր ստեղծագործ գեղարուեստական ճաշակով կը պատրաստուէին Կազդուրման կայանի վերջին տարիներու հրաւիրագիրները։

Ի լրումն այս բոլորին տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Ամուսնացած էր կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեանի (Գատէհճեան) հետ։ Ունէր երկու զաւակ. որդին է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան եւ դուստրն է Անի Տէյիրմենճեան։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Կարօ Տէյիրմենճեանի բարի եւ ազնիւ հոգւոյն։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք այրիին՝ Մարի Տէյիրմենճեանի, որդւոյն՝ մեր գործընկեր Սեւան Տէյիրմենճեանի, դստեր՝ Անի Տէյիրմենճեանի եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+