​Յուշամատեան ներու շարքին նորագոյն հրատարակութիւնը Կորսուած գիւղի մը պատմութիւնը - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

17 Ağustos 2017  

​Յուշամատեան ներու շարքին նորագոյն հրատարակութիւնը Կորսուած գիւղի մը պատմութիւնը -

​Յուշամատեան ներու շարքին նորագոյն հրատարակութիւնը Կորսուած գիւղի մը պատմութիւնը ​Յուշամատեան ներու շարքին նորագոյն հրատարակութիւնը Կորսուած գիւղի մը պատմութիւնը

Այսօր ո՞վ կը յիշէ Րումտիկինը, որ ատենին եղած է Կեսարիոյ հիւսիսակողմը շուրջ 40 քիլոմեթր հեռու գտնուող հայաբնակ փոքր գիւղ մը, ինքնիր մէջ ծուարած։ Նոյնիսկ իր անունը կարելէ չէ գտնել Արեւմտահայաստանը ներկայացնող տարբեր քարտէզներու մէջ անգամ։ Անշուշտ՝ Րումտիկինը կը յիշեն Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ Րումտիկինցիներու անմիջական յետնորդները։

Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ»ու վերահրատարակութեանց շարքին 14-րդ հատորը կը հանդիսանայ ճիշդ յիսուն տարի առաջ Պէյրութ լոյս ընծայուած «Յիշատակարան Րումտիկինի»ն, աշխատասիրութեամբ Հայկազուն Յ. Եափուճեանին։

Այս վերահրատարակութեան մէջ ալ, ինչպէս զինք նախորդող բոլոր հատորներու պարագային, կատարուած են պատշաճ ուղղումներ, որդեգրուած է անուններու միատարութեան սկզբունքը, տեղանուններու, անձնանուններու եւ տարբեր ցանկերու յաւելումը։
Հատորը կը սկսի «Երկու խօսքով» (Բ. հրատարակութեան առիթով), ուսումնասիրողին «Յառաջաբան»ով եւ կրկին «Երկու խօսքով» (Ա. հրատարակութեան առիթով)։ Կը յաջորդէ Առաջին մասը, որ կ՚ընդգրկէ պատմական, տեղագրական բաժիններ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ, զբաղում եւ արհեստներ, բարբառ, ընկերային մշակութային կեանք եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններ։

Երկրորդ մասը՝ «1915-ի Աղէտալի Թուականը ջարդի նկարագրութիւններ ու անհատական վկայութիւններ։ Ապա, Երրորդ մասը՝ «Րումտիկինցիները Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ»։

Բ. հրատարակութեան «Երկու խօսք»ը կ՚աւարտի այսպէս. «Այս մեծ ու փոքր բնակավայրերու դէմ գործադրուած անմարդկային բռնարարքներուն հանրագումարէն գոյացաւ քսաներորդ դարու ԱՌԱՋԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+